RedStrong Red (default) BlueCalm Blue GreenFresh Green

Chose your color scheme.

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. ընդունեց Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան այցելութիւնը

Posted on February 21, 2000, by , under Լուրեր.

143341 Երեւան, 21 Փետրուար (Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան) – Այսօր առաւօտեան ժամը 10-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին այցելեց Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը, եւ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ին հետ: Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Հրանդ Մարգարեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բիւրոյի անդամներ Ալպերթ Աճէմեան, Վիգէն Ս. Յովսէփեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի քաղաքական ներկայացուցիչ ընկ. Արմէն Ռուստամեան: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ՀՀ Կրօնական հարցերու վարչութեան նախագահի պաշտօնակատար Լեւոն Մկրտչեան:

Ընկ. Հրանդ Մարգարեան ներկայացուց Հ.Յ.Դ. 28րդ Ընդհանուր Ժողովի արդիւնքները եւ նորընտիր Բիւրոյի կազմը: Վեհափառը գնահատեց Բիւրոյի կեդրոնական գրասենեակի Երեւան հաստատումը եւ այդ քայլը նկատեց օգտակար՝ համազգային առումով:

Սրտբաց զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան Հայց. եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր, ներառեալ կաթողիկոսական զոյգ Աթոռներու յարաբերութիւնները եւ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի տօնակատարութիւնները: Աւարտին, նպատակայարմար նկատուեցաւ նման հանդիպումները դարձնել յաճախակի:

Leave a Comment