Հինգշաբթի, 8 Յունիս 2017-ին, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի ներկայութեամբ Հալէպի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ:
Հանդիպման ընթացքին, Մարգարեան անդրադառնալով Սուրիոյ պատերազմի եօթ տարիներուն սուրիահայութեան ծաւալած աշխատանքներուն ըսաւ.
«Սուրիոյ մէջ պատերազմի առաջին օրերէն իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրօն Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Վերականգնումի Մարմնի կազմութեան նախաձեռնեց: Անցնող եօթ տարիներուն, մեր կազմակերպութիւնը փորձեց իր բոլոր ուժերը լարել սուրիահայութեան օգնութեան հասնելու համար: Բնական էր, որ դիմանալով պատերազմական ծանր դժուարութիւններուն եւ ամէնէն կարեւորը ստեղծուած իրավիճակէն պատիւով դուրս գալով, սուրիահայ համայնքը ինքն էր հիմնականօրէն հերոսութիւնը կատարողը եւ այս մէկը միայն իր պատիւը չէր, այլ ողջ հայութեան պատիւը: Հայ ժողուվուրդը Սուրիոյ մէջ յաջողեցաւ իր կեցուածքով, պահուածքով եւ վերաբերմունքով օրինակելի ու հայրենասէր սուրիացի քաղաքացիի տիպարը դրսեւորել: Սա ինքնին մեծ գործ էր: (more…)