Շուէտի մէջ ՀՅԴ աննախընթաց իրադարձութիւններ
2017/10/2421 եւ 22 հոկտեմբեր 2017-ը անկիւնադարձային թուական պիտի մնան ՀՅԴ Շուէտի ընտանիքի կազմակերպական կեանքին մէջ:
Արդարեւ, յաջորդական երկու օրերու վրայ տեղի ունեցան երկու աննախընթաց իրադարձութիւններ: Շաբաթ 21 հոկտեմբերի երեկոյեան, 35 երիտասարդ նորագիրներ միացան ՀՅԴ շարքերուն, տալով դաշնակցականի իրենց երդումը, կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ` ընկեր Հրանդ Մարգարեանի: Իսկ կիրակի 22 հոկտեմբերին կատարուեցաւ հանդիսաւոր բացում` Սոտերթելիոյ Սարդարապատ ակումբին, նախագահութեամբ ընկեր Հրանդ Մարգարեանի եւ ներկայութեամբ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտակ Ապիտոնեանի եւ պաշտօնական հիւրերու:
(more…)