RedStrong Red (default) BlueCalm Blue GreenFresh Green

Chose your color scheme.

Մամլոյ հաղորդագրութիւն – Գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Ամերիկեան ցամաքամասի և Աւստրալիոյ մարմիններու Ռայոնական ժողովը

Posted on November 14, 2017, by , under Լուրեր.

AmericasRayonakan-600x450 (1)Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով, 11-12 նոյեմբեր 2017-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկեան ցամաքամասի և Աւստրալիոյ Հ.Յ.Դ. մարմիններու Ռայոնական ժողովը, որուն մասնակցեցան եօթ երկիրներէ ներկայացուցիչներ:

Ժողովին ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Բիւրոյի անդամներ եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագույն մարմինի ներկայացուցիչը:

Երկու օր տեւած քննարկումներուն ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոն ներկայացուց իր գործունէութեան վերջին մէկ տարուայ տեղեկագիրը, որուն լոյսին տակ կատարուեցաւ համապարփակ քննարկում:

Ռայոնական ժողովը իրազեկ դարձաւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի վերջին զարգացումներուն, կոալիցիոն կառավարութեան մէջ մեր մասնակցութեան արդիւնքներուն: Ժողովը քննարկեց Հայաստանի ընկերային արդարութեան ամրակայման, տնտեսական և անվտանգութեան մարզերէն ներս բարեփոխման նախաձեռնութիւններուն, եւ հարցումներու ու արժեւորումներու ընդմէջէն տուաւ գնահատականներ: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան արցախեան հարցի կարգաւորման վերջին զարգացումները եւ Հ.Յ.Դ. կատարելիք աշխատանքները այդ ծիրէն ներս:

Կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի բանակներու հզօրացման անհրաժեշտութիւնը` շեշտը դնելով բանակին հանդէպ ցուցաբերուելիք համաժողովրդային նեցուկին ու զօրակցութեան ամրապնդման վրայ: Նաեւ կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի տնտեսական հզօրացումի եւ ընկերային կենսամակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը իբրեւ հայրենի ժողովուրդի հայրենիքին մէջ բարգաւաճելու նախադրեալ:

Ապա ժողովը հանգամանօրէն զբաղեցաւ շրջաններու կազմակերպական, քաղաքական եւ յարաբերական օրակարգերով:

Ժողովը անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու առկայ վիճակին, անոր բարելաւման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի գաղութներու կայուն զարգացման և նորահաս սերունդներու պատրաստութեան գործին:

Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն եւ նախաձեռնութիւններուն ու այս իմաստով նաեւ ներկայացուց առաջարկներ:

Կազմակերպական յաւելեալ հզօրացման ուղղութեամբ ժողովը ներկայացուց նոր առաջարկներ և միասնական դիրքորոշումներ որդեգրեց շարք մը օրախնդիր հարցերու վերաբերեալ:

Հ.Յ.Դ. ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ
12 նոյեմբեր 2017, Պուէնոս Այրէս

3 Replies to "Մամլոյ հաղորդագրութիւն – Գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Ամերիկեան ցամաքամասի և Աւստրալիոյ մարմիններու Ռայոնական ժողովը"

gravatar

a5 games casino  on June 20, 2026

Alright, so I stumbled upon a5 games casino and I gotta say, the selection is pretty solid! If you’re into casino games, this might be your new spot. Good luck out there! You can find it here: a5 games casino

gravatar

b29.win - cổng game quốc tế apk  on June 20, 2026

Tìm mãi mới thấy link tải B29.win phiên bản APK chuẩn chỉ. Anh em ai cần thì vào đây lấy nha. Chơi trên điện thoại tiện lợi phết: b29.win – cổng game quốc tế apk

gravatar

betty nacional  on June 20, 2026

Looking for a decent betting platform? I find Betty Nacional simple to navigate even with my old eyes. Give it a shot. Here’s where to start: betty nacional

Leave a Comment