Շուէտի մէջ ՀՅԴ աննախընթաց իրադարձութիւններ
Posted on October 24, 2017, by admin, under Ելույթներ, Լուրեր.
21 եւ 22 հոկտեմբեր 2017-ը անկիւնադարձային թուական պիտի մնան ՀՅԴ Շուէտի ընտանիքի կազմակերպական կեանքին մէջ:
Արդարեւ, յաջորդական երկու օրերու վրայ տեղի ունեցան երկու աննախընթաց իրադարձութիւններ: Շաբաթ 21 հոկտեմբերի երեկոյեան, 35 երիտասարդ նորագիրներ միացան ՀՅԴ շարքերուն, տալով դաշնակցականի իրենց երդումը, կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ` ընկեր Հրանդ Մարգարեանի: Իսկ կիրակի 22 հոկտեմբերին կատարուեցաւ հանդիսաւոր բացում` Սոտերթելիոյ Սարդարապատ ակումբին, նախագահութեամբ ընկեր Հրանդ Մարգարեանի եւ ներկայութեամբ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտակ Ապիտոնեանի եւ պաշտօնական հիւրերու:
Երդման արարողութիւն
35 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, ամբողջացնելէ ետք ամիսներու վրայ երկարած իրենց դաստիարակչական ծրագիրը, տուին իրենց երդումը եւ միացան կուսակցութեան շարքերուն:
Նորագիրներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, ընկեր Հրանդ Մարգարեան յատկապէս նշեց, որ Դաշնակցութեան շարքերուն չեն անդամագրուիր, ինչպէս է պարագան շատ մը կազմակերպութիւններու, այլ` կը զինուորագրուին, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի ազգի ծառայութեան, եւ իւրաքանչիւր դաշնակցական ամէն բանէ առաջ ազգին զինուորն է, Հայ Դատի զինուորագրեալ ծառան է, բառին ամէնէն լայն եւ բազմակողմանի առումով:
Ակումբի բացման հանդիսութիւն
Ժողովուրդը խռնուած էր Սարդարապատ Ժողովրդային Տան մուտքին, ուր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը եւ սկաուտները կարգապահ շարքերով կը կատարէին դիմաւորողի ջերմ պարտականութիւն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շուէտի ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Սիմոն Տէր Սահակեան, որ ըսաւ, թէ այս ակումբը, որ առաջինն է շուրջ քառասուն տարուան կեանք ունեցող համայնքին մէջ, տունն է իւրաքանչիւր հայու, հարազատօրէն բաց է բոլորին համար, առանց գաղափարական թէ դաւանական խտրութեան, նոյնիսկ եթէ ունի յստակ պատկանելիութիւն, որուն յարկին ներքեւ միասնաբար պիտի գործեն ՀՅԴ-ն, ՀՄԸՄ-ը, Համազգայինը, Հայ Դատը, ՇԵՄ-ը, պատանեկանը եւ ՀՕՄ-ը, ի սպաս այս համայնքի կարիքներուն եւ համահայկական մեր նպատակներուն:
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, որ շնորհաւորեց այս կեդրոնը` զայն նկատելով յոյժ կենսական համայնքի հայապահպանման համար, ապա նաեւ` Հայ Դատի հետապնդման ի խնդիր, նշելով դեսպանատան հետ արդէն իսկ առողջ համագործակցութեան խիստ անհրաժեշտ տուեալը:
Ապա, իրենց օրհնութիւնը տուին ու առ Աստուած աղօթք հայցեցին Հայ Առաքելական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները:
Գեղարուեստական բացառիկ յայտագիրով հանդէս եկան Գոհար Յակոբեան ( երգ ), Քնար Քահրամանեան ( ասմունք ), Փաթիլ Յակոբեան ( երգ ), Սէրլի Մարգէեան ( ասմունք ) եւ Համօ Երէցեան` յեղափոխական երգերու փունջով:
Օրուան հանդիսավարն էր Գոհար Յակոբեան:
Եզրափակիչ կուռ պատգամով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Դիպուկ էր, երբ ան զուգահեռներ գծեց Հալէպի եւ Սթոքհոլմի միջեւ, Քամիշլիի եւ Սոտերթելիոյ միջեւ, հասարակ յայտարարը նկատելով սուրիահայութիւնը, ուր ծանօթ պատճառներով այնտեղ կը խամրի, հակառակ` տոկալու ու գոյատեւելու իր բացառիկ վճռակամութեան, իսկ այստեղ փաստօրէն կը վերածաղկի, կը վերընձիւղուի, նոր շունչ ու թարմութիւն կը ներարկէ համայնքին, կը ճառագայթէ:
Հրանդ Մարգարեան կոչ ուղղեց լիիրաւ մերուիլ, համարկուիլ արեւմտեան կողմնաշխարհի այս երկրին, անոր լեզուին, կենցաղային պայմաններուն հետ, որ նախապայման է զարգացման, յառաջդիմութեան ու յաջողութեան համար, սակայն միաժամանակ երբեք չձուլուիլ, ընդհակառակն` պահել ու յաջորդական սերունդներուն փոխանցել մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր ազգային ժառանգութիւնը:
Ապա Հրանդ Մարգարեան ընդգծեց մեր ակումբներուն, ընդ որում ա՛յս նորաբաց ակումբին անփոխարինելի դերը ոչ միայն հայապահպանութեան կենսական առաքելութեան մէջ, այլեւ մանաւանդ ազգակերտման գործընթացին մէջ, մեր ազգային-քաղաքական նպատակներուն ու պահանջատիրութեան կենսագործման մէջ:
Ան շեշտեց եւ կրկնեց, որ այս բոլորը, այսինքն` մեր ամբողջ աշխատանքը ինքնանպատակ չէ, այլ ունի հիմնական մէկ հասցէ. Հայաստան: Ան ըսաւ, որ մեր առօրեայ աշխատանքն անգամ պիտի կամրջուի Հայաստանի ու Արցախի հետ, մեր նպատակակէտը պիտի ըլլայ մեր պետականութեան զարգացումը, վերելքը, հզօրացումը: « Եւ այո՛, կարելի է Սփիւռք գտնուելով օժանդակել պետականաշինութեան էական գործընթացին, որուն միջոցները բազմազան են: Կարեւորը այդ գիտակցութիւնն է, որ ունինք մենք իբրեւ կուսակցութիւն եւ որ ունեցած ենք վերանկախութեան առաջին իսկ օրէն»:
Վերջապէս, իր խօսքը ուղղելով սրահը իր ներկայութեամբ ակներեւօրէն «գրաւած» երիտասարդութեան, Բիւրոյի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ դաշնակցական երիտասարդը ի տարբերութիւն այլոց` կը յատկանշուի իր յանձնառութեամբ, կարգապահութեամբ եւ գաղափարական աշխարհահեացքով, «ուստի մեր սրբազան Դատին ի խնդիր շարունակեցէք մեր պայքարը եւ մնացէք յանձնառու, մինչեւ հակառակորդին դէմ վերջնական հատու յաղթանակը»:
10 Replies to "Շուէտի մէջ ՀՅԴ աննախընթաց իրադարձութիւններ"
500jiliapp on September 4, 2026
Great bonuses for new members and the app is very stable. I really enjoy the variety of games on 500jiliapp.
idrosohoki on September 28, 2026
I’ve been looking for a reliable platform for a while and finally found this one. The interface is super smooth and the wins are actually coming through. Highly recommend idrosohoki to everyone.
50jilislot on October 1, 2026
The slot selection is massive and the hit rate seems much better than other sites I have used. Really enjoying the vibe here. Try 50jilislot
ph777richjili on October 17, 2026
I hit a decent jackpot here last week and the money hit my account almost instantly. This is where the real action is. Visit ph777richjili



new88neu88 on July 29, 2026
Alright guys, gave new88neu88 a spin and it was pretty decent. Easy to navigate, good selection of games. Definitely worth checking out if you’re looking for something new! Give it a look: new88neu88