RedStrong Red (default) BlueCalm Blue GreenFresh Green

Chose your color scheme.

Հրանդ Մարգարեան. «Ազգային Ժողովի Յառաջիկայ Ընտրութիւնները Ունին Համահայկական Նշանակութիւն»

Posted on January 28, 2017, by , under Ելույթներ, Լուրեր.

FotorCreated-47Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Յակոբ Բագրատունի. «Մեր Քաղաքական Առաջադրանքն Է Վերականգնել Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը»
«Պաշտօնապէս Կը Յայտարարենք Մեր Ինքնութեան Ամրագրման Նպաստող Ժողովրդային Ֆոնտերու Հաստատումը»
«Պիտի Չարտօնենք, Որ Հաւաքական Չարիքը Շարունակէ Հարուածել Մեր Երիտասարդութիւնը»

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր հաստատուն կառոյցով, գաղափարական խոր աւանդով եւ աշխարհահայեացքով իր 126-ամեակը բոլորեց: Ան մէկ դար եւ քառորդ, շնորհիւ իր գաղափարախօսութեան եւ ռազմավարութեան, զերթ կաղնի մը հաստաբուն դէմ դրաւ փչող հողմերուն եւ տէր ու պաշտպան կանգնեցաւ հայ ազգին եւ դատին: Ժամանակի պայմաններուն հետ քայլ պահած Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ մնաց իր ուխտին, բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրաւ յանուն իր նպատակներու իրագործման ու հայ ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Երէկ` ուրբաթ, 27 յունուար 2017-ին, տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 126-ամեակի համաժողովրդային տօնակատարութիւնը, որուն մասնակցեցան լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ Դաշնակցութեան հաւատարիմ հայորդիներ:

Բացման խօսքը արտասանեց Արշօ Պալեան, որ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նահատակներուն յիշատակը:

Ան ըսաւ, որ մէկ եւ քառորդ դարու կեանք ու պատմութիւն ունեցող Դաշնակցութեան տօնը թէեւ տարին անգամ մը կը նշուի, բայց եւ այնպէս դաշնակցականի կեանքին մէջ Դաշնակցութիւնը ամէնօրեայ տօն է. տօն գաղափարաբանութեան, յեղափոխութեան, ազգային ու ընկերային արդարութեան, ժողովուրդին ծառայութեան, Հայ դատի անխոնջ պայքարին, պահանջատիրական ոգիի զգաստութեան, հայրենիքին տէր ու պահապան կանգնելու եւ Դաշնակցութեան հովանիին տակ նորահաս սերունդները թրծելու հայօրէն` զանոնք մղելով ազնիւ գործի:

Արշօ Պալեան անդրադարձաւ սփիւռքի մէջ ՀՅԴ-ի ունեցած մեծ դերակատարութեան` լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս այն հանգամանքը, որ Դաշնակցութիւնը եղաւ հիմնական նեցուկը եւ ուժը, որուն կարելի եղաւ անվարան յենիլ` սփիւռքի մէջ հայ մնալու ամէնօրեայ պայքարը անսասան շարունակելու առումով: Ան աւելցուց, որ կուսակցութիւնը նաեւ ներկայ եւ ազդեցիկ դերակատար հանդիսացաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` միշտ ըլլալով պատրաստ ամէն ձեւով հայրենիքին ծառայելու եւ իր անցեալի հարուստ փորձառութեամբ հայ ժողովուրդի փայլուն ապագան կերտելու` հայ ժողովուրդի ազատ եւ բարօր կեանքի ապահովման պայքարի դրօշը միշտ բարձր պահած:

«Ազգային հաւատամք ու գաղափարախօսութիւն եղող Դաշնակցութիւնը տարիք եւ վախճան չունի, որովհետեւ ան ժողովուրդն է եւ իբրեւ այդպիսին կամք ու կորով կը ներարկէ իր ընտանիքին եւ գաղտնի սէրը կը մնայ ոչ դաշնակցականին», հաստատեց Արշօ Պալեան` կուսակցութեան 126-ամեակին առիթով վերահաստատելով ուխտը հաւատարիմ մնալու կարգապահ ու «խենթ» դաշնակցականի տիպարին եւ հայութեան ապագան երաշխաւորող Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան:

Ապա ցուցադրուեցաւ անցեալ տարուան ընթացքին Դաշնակցութեան գործունէութեան ամփոփ պատկերը ներկայացնող, արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ կուսակցութեան ուղեգիծին անդրադարձող տեսերիզ մը:

Անկէ ետք համադրութեամբ եւ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի ներկայացուեցաւ խմբային ասմունք` «Մենք», կատարողութեամբ Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի անդամներ Դրօ Միրզայեանի, Փաթիլ Մկրտիչեանի եւ Լիլիթ Յովհաննիսեանի:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ 126 տարեկան Դաշնակցութիւնը բնութագրեց իբրեւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի համար ծնած, գործած, հալածուած, ծառայած ու անհրաժեշտութեան պարագային բովանդակ հայութեան շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր իր լաւագոյն ընկերները նահատակութեան բագինին զոհած կուսակցութիւն, որուն նուիրուած ձեռնարկին ժողովրդային հոծ ներկայութիւնը ունի խորքային մեծ արժէք, աղբիւր է հպարտութեան, որովհետեւ կու գայ փաստելու, որ ժողովուրդը հաւատք ունի եւ զօրակից է անոր: Յ. Բագրատունի նաեւ աւելցուց, որ այս բոլորը, սակայն, կուսակցութիւնը կը դնեն միշտ արթուն մնալու, ժողովուրդին արդար ակնկալութեանց անսալու պատասխանատուութեան դիմաց: «Որովհետեւ անիկա համայն հայութիւնը ոտքի պահող ողնայարն է, սիրտն ու միտքը եւ հզօր բազուկը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ՀՅԴ-ի ծրագիրով ու կանոնագիրով երդուեալ դաշնակցականներուն պատկանելիութեան եւ անոնցմէ եղած ակնկալութիւններուն` Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ կուսակցութեան շարքերէն դուրս ալ կայ Դաշնակցութեան գաղափարական ուժը, «ուժը բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպութեան անդամ չեն, չեն մեղանչած Դաշնակցութեան ծրագիրին ու կանոնագիրին դէմ, բայց դաշնակցական են հոգիով, նուիրումով, աշխատանքով, բայց մանաւանդ հաւատքով»:

«Ու ճիշդ հո՛ս է Դաշնակցութեան դար մը եւ քառորդ ապրած ըլլալու իրողութեան անժխտելի գաղտնիքը: Եւ հոս է Դաշնակցութեան յաջողութիւնը», յայտարարեց ան:

Դիտել տալով, որ ՀՅԴ-ի 126-ամեակը Լիբանանի մէջ կը նշուի հայոց բանակի հիմնադրութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններու նախօրեակին` Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը լուսարձակի տակ առաւ հայոց բանակին անգնահատելի դերակատարութիւնը եւ կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ համայն հայութեան յոյսն ու կամքն է անիկա:

«Պահենք, պահպանենք զայն: Զօրակցինք անոր ի գին ամէն զոհողութեան: Զայն նկատենք անանցանելի պատնէշ, կարմիր գիծ», ըսաւ ան:

Ապա Յակոբ Բագրատունի շեշտը դրաւ Հայաստանի մէջ ներքին ընկերային արդարութեան հաստատման, փտածութեան խորտակման, օրէնքի գերիշխանութեան ապահովման, իրաւ ժողովրդավարութեան ամրացման, հաւասարութեան եւ արդարութեան սկզբունքներով առաջնորդուածութեան, արտագաղթի դադրեցումի, քաղաքացիի իրաւունքներու յարգումի, ազատ շուկայի ժխտական անդրադարձի վերացման անհրաժեշտութեան վրայ` յոյս յայտնելով, որ կատարուած սահմանադրական փոփոխութիւնները լրջութեամբ եւ արագօրէն իրենց թարգմանութիւնը կ՛ունենան յուսալի ապագայի մը կերտման վրայ:

Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ ճիշդ գործակցութեան կարեւորութեան անդրադառնալով` ան նշեց, որ հզօր սփիւռքը անհրաժեշտ է Հայաստանի համար ու հզօր Հայաստանը անհրաժեշտ է սփիւռքի հզօրութեան: «Այս իմաստով հաւասար պատասխանատուութիւններ գոյութիւն ունին: Հայաստանն ու սփիւռքը գործակիցներ են եւ ոչ մէկը ենթակայ է միւսին: Այլ երկուքը միասնաբար ենթակայ են ազատ, անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականին», ըսաւ Յ. Բագրատունի` կոչ ուղղելով Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ ներքին հակասութիւններ որոնելու եւ զանոնք շահագործելու միտումներէն վեր բարձրանալու եւ միասնաբար, գործակցաբար, դերերու ճշգրիտ բաշխումով աշխատանքի լծուելու:

Լուսարձակի տակ առնելով նորօրեայ մարտահրաւէրներուն ազդեցութիւնը նաեւ հայ սերունդներուն վրայ` Յակոբ Բագրատունի ընդգծեց, որ հայութիւնը կարիք չունի օտարամոլ հայերու, որոնք կ՛ոտնակոխեն ազգային ամէն տեսակ սկզբունք եւ առաջնահերթութիւն, կ՛ուզեն հաշտութիւն կնքել թշնամիին հետ, հարուածել Հայ դատի աշխատանքները:

Ան խօսեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի տագնապահար վիճակին մասին, որուն հետեւանքները կրեցին նաեւ տեղաբնակ հայերը, յատկապէս Սուրիոյ պարագային, ուրկէ մեծ թիւով հայորդիներ ապաստանեցան Լիբանան, իսկ Դաշնակցութիւնը իր կարելին ըրաւ Լիբանան ապաստանած սուրիահայերու օժանդակութեան համար, նաեւ իր կարելին պիտի ընէ նաեւ վերականգնումի համահայկական գործին մասնակցելու առումով:

Իր խօսքին մէջ ան ակնարկեց նաեւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն` հպարտութեամբ յայտարարելով, որ տարիներու երկայնքով Դաշնակցութեան որդեգրած քաղաքական ուղեգիծը այս անգամ ալ ճիշդ դուրս եկաւ եւ կուսակցութեան ընտրանքը յաղթանակեց: Ան նաեւ հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն պայքարած է ու պիտի շարունակէ պայքարիլ Լիբանանի հայութեան քաղաքական ինքնուրոյնութեան եւ համայնքի իրաւունքներու ու շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր` մերժելով լուսանցքայնացնելու ամէն միտում: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը նաեւ պատրաստ է խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու հիմնականին մէջ հայկական ինքնուրոյն որոշումը հայկական պահելու առաջադրանքով, եւ առ այդ` վերահաստատելու Հայկական երեսփոխանական պլոքը, որուն դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ միշտ եղած է շինիչ, հաշտարար ու լիբանանակեդրոն:

Անդրադառնալով այն իրողութեան, որ Դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով տրուած խոստումները իրականութիւն սկսան դառնալ ժամանակի ընթացքին` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Քաղաքական մարզին մէջ կատարուած աշխատանքներուն առընթեր, յաջողեցանք նպաստել լիբանանահայութեան երազը եղող Ազգային միացեալ վարժարանը իրականութեան վերածելու ճիգին, ազգային վարժարաններու ուսուցիչները արդարօրէն արժանացան իրենց իրաւունքներուն, պատուով յաջողեցանք քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն, մեր երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը յաւելեալ դերակատարութիւն ունեցան կուսակցական ու հասարակական կառոյցներուն մէջ, անոնք մասնակցեցան եւ իրագործումներ կատարեցին Հայաստանի մէջ կազմակերպուած երիտասարդական- ուսանողական ճամբարներու ընթացքին, Կոտայքի շրջանը ստացաւ յատուկ գուրգուրանք, Արցախի քառօրեայ պատերազմը վերածուեցաւ լիբանանցի հայուն կոտտացող վէրքին, «Արցախ Ֆոնտ»-ն ու այլեւայլ ծրագիրներ շարունակուեցան հասնիլ Արցախ, Հայաստան աւելիով ամրացաւ մեր սրտերուն մէջ, հայ կինը յաւելեալ դերակատարութիւն ունեցաւ մեր կուսակցական, ազգային-հասարակական կեանքին մէջ: Լրջօրէն հետեւեցանք ոչ հայերու հողավաճառքի եւ կալուածներու վաճառման հարցին: Դաշնակցութեան պատիժին ենթարկուեցան այս որոշումը խախտող կուսակցականներ: Գործնական քայլերով յաջողեցանք որոշ ներդրումներով թեթեւցնել ազգավնաս այս ընթացքը: Քաղաքապետութեան ճամբով կամ մեր քաջալերանքով իրագործման ընթացքի մէջ մտան շինարարական ծրագիրներ»: Ան նաեւ նշեց, որ այսպիսով Դաշնակցութեան գործը չէ աւարտած, այլ կան նորանոր ծրագիրներ` Լիբանանի հայութեան ինքնութեան պահպանման ի խնդիր: Առ այդ, ան յայտարարեց, որ կազմուած է «Պուրճ Համուտի զարգացման ընկերութիւն»-ը, որուն հիմնական նպատակն է պահպանել Պուրճ Համուտի հայեցի ինքնութիւնը` դիտել տալով, որ նմանօրինակ ծրագիր մը նաեւ պիտի յառաջանայ Այնճարի համար:

Ապա ան յայտարարեց հիմնադրութիւնը երեք ֆոնտերու` «Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտ», որ յանձն կ՛առնէ հայ զոյգերու պսակի բոլոր ծախսերը, իրենց պատկանող ծուխերուն մէջ, արտօնագիր, տոմարի արձանագրութիւն եւ խորհրդակատարութիւն, «Հայ մանուկի ֆոնտ», որ յանձն կ՛առնէ հայկական անունով մկրտուող երեխային մկրտութեան եկեղեցական ծախսերը, «Ընտանիքի բազմացման ֆոնտ», որ յանձն կ՛առնէ հայթայթել հայ ծնողներէ ծնած երրորդ եւ աւելի նորածիններու ծննդեան պարգեւ, նուազագոյնը 2000 տոլար: Ան նաեւ յայտարարեց կազմութիւնը «Հայ ուսանողի ֆոնտ»-ին, որ համալսարանական կրթաթոշակի իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայկական դպրոցէ շրջանաւարտ ուսանողներու համալսարանական կրթութեան Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններու մէջ:

Ապա Յակոբ Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ հայկական ինքնութեան պահպանման չորրորդ ամրոցն է մեր երիտասարդութիւնը, որ հայութեան դատին պայքարի ամբողջ զինամթերքն է, ուստի արժանի է գուրգուրանքի, բայց միաժամանակ թիրախ է մեր ինքնութիւնը, հայեցիութիւնն ու արժանապատուութիւնը քանդելու միտող հարուածներու, մոլութիւններու եւ տարբեր տեսակի ախտերու:

«Հաւաքական այս տագնապը հաւաքական պատասխանատուութիւն մը կը պարտադրէ: Ու մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, որուն հանդէպ հաւատք ունիք դուք, իրաւունքը չունինք ձեռնածալ մնալու ի տես այս երեւոյթին: Ու պարտաւոր ենք զգուշացնելու բոլորը, թմրամոլը, թմրեցուցիչը տարածողը, անոր գործածութիւնը դիւրացնողը, թմրեցուցիչի վաճառականը, որ մեր երիտասարդները չեն կրնար թիրախ մնալ մութ ծրագիրներու կամ վաճառականական շահերու:

Մենք տէրն ենք այս ժողովուրդին, ծառան ենք անոր, բայց մանաւանդ պաշտպանը: Պիտի չարտօնենք, որ այս չարիքը շարունակէ հարուածել մեր երիտասարդութիւնը», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի: Իր խօսքը եզրափակելով` ան շեշտեց, որ այս բոլորը կ՛ամրապնդուին անոր արժանի ժողովուրդին հաւատքով եւ նեցուկով, նաեւ կարիքն ունին տարիներու համբերութեան ու յարատեւութեան, ճիգի ու ջանքի:

Ապա յեղափոխական երգեր մատուցուեցան` Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի մենակատարներ Աւետիս Ագրապեանի,

Խաչիկ Գրիգորեանի եւ Կարօ Քէլէշեանի կողմէ, նուագակցութեամբ` Յակոբ Արապօղլեանի:

Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջիկայ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, որոնք ունին համահայկական կարեւորութիւն: Ան ըսաւ, թէ իւրայատուկ պայմաններու մէջ տեղի կ՛ունենան ընտրութիւնները այն առումով, որ պատերազմական վիճակի մէջ է Արցախ եւ լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններ սկսելու հաւանականութիւնը մեծ է: Ամէն մէկ ընտրութիւն իրեն հետ կը բերէ լարուածութիւն, որ կրնայ ցնցումի վերածուիլ, իսկ ամէն մէկ ցնցում կրնայ արտաքին թշնամիին համար նոր ոտնձգութիւններու ախորժակ բանալ: Հետեւաբար, կարեւոր է, որ Հայաստանի քաղաքական դաշտի պատասխանատուները գիտակցին, որ պայքարը պէտք չէ վերածուի թշնամանքի եւ առճակատման:

Ան նշեց նաեւ, որ ամբողջ տարածաշրջանը վերիվայրումներու մէջ է, եւ միջազգային ազդեցութեան դաշտերու վերաբաժանում տեղի կ՛ունենայ: Այս պայմաններուն մէջ մեծ կ՛ըլլայ հաւանականութիւնը արտաքին միջամտութիւններու, որոնք կրնան աւելի դերակատար դառնալ հայ քաղաքական ուժը օգտագործելով: Ասկէ մեկնելով` պէտք չէ ընտրութիւններուն ժամանակ ստեղծենք առիթներ արտաքին միջամտութեան համար:

Հրանդ Մարգարեան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ հայկական իրականութեան մէջ պատասխանատու կազմակերպութիւն, պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն ունենալով ելակէտային որոշ պայմաններ: Ան ըսաւ. «Մենք անցեալ ժամանակաշրջանին համագործակցած ենք թէ՛ ընդիմութեան եւ թէ՛ իշխանութեան հետ: Երկու պարագաներուն ալ գործակցութիւնը ինքնանպատակ չէ եղած: Համագործակցութիւնը եղած է յանուն Հայաստանի եւ մեր կողմէ յայտարարուած նպատակներուն: Մեր անկաշկանդ եւ ազատ ըլլալը կարեւոր յատկանիշ է մեզի համար»:

Ան յստակօրէն յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը վաստակ եւ 126 տարուան կենսագրութիւն ունեցող կուսակցութիւն է, որ ընտրութիւններուն կ՛երթայ, որպէսզի Հայաստանի համար ապահովէ համընդհանուր զարգացման կարելիութիւն, որուն ստեղծման համար անհրաժեշտ են արդարութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ, կայունութիւնը եւ միասնակամութիւնը:

Հրանդ Մարգարեան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը այն կազմակերպութիւնն է, որ միշտ եւ ամէնուր դէմ եղած է բոլոր տեսակի անարդարութիւններուն: «Մենք Հայաստանի մէջ գործող միակ քաղաքական ուժն ենք, որ կը հաւատայ ընկերային արդարութեան, մանաւանդ որ Դաշնակցութիւնը ընկերվարական կուսակցութիւն է: Մենք հետամուտ պիտի ըլլանք ընկերային արդարութեան», ըսաւ ան, ապա շարունակեց. «Ներազգային ճակատի վրայ մեզի պէտք են համերաշխութիւն եւ հանդուրժողականութիւն, ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն»:

Հրանդ Մարգարեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Հայաստան շատ աւելի մեծ կարելիութիւն ունի զարգանալու Արցախին հետ միաւորուած: Իսկ պատերազմը կանխելու համար պէտք է պատրաստ ըլլալ պատերազմի: Ան ըսաւ նաեւ, որ ազգ-բանակ հասկացողութիւնը առաջին անգամ ունեցած է միայն Դաշնակցութիւնը: «Մենք պարտաւոր ենք ազգովին կազմակերպուիլ իբրեւ բանակ: Պարտաւոր ենք կազմակերպուիլ այնպէս, որ ամբողջութեամբ թեւ ու թիկունք ըլլանք բանակին: Պատերազմէն խուսափելու համար ազգովին պէտք է դառնանք բանակ, սա է մեր փրկութիւնը. հզօր բանակով Հայաստան կը զարգանայ», ըսաւ ան:

Խօսելով արտագաղթի մասին` իբրեւ մտահոգիչ երեւոյթ, Մարգարեան ըսաւ, որ իբրեւ պետութիւն պարտաւոր ենք զօրացրուող երիտասարդներուն կողքին կանգնիլ, իրենց ապահովել արժանավայել աշխատանք եւ օգնել, որ հայ հողին վրայ իրենց կեանքը կազմակերպեն:

Հրանդ Մարգարեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է ստեղծել կարելիութիւն, որ սփիւռքը իրական մասնակցութիւն ունենայ Հայաստանի զարգացման գործին մէջ, որովհետեւ Հայաստանին պէտք է առոյգ, կազմակերպուած եւ աշխուժ սփիւռք: Սփիւռքին հետ միաւորուած Հայաստանի զարգացումը կարելի է իրականացնել:

ՀՅԴ-ի 126-ամեակը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր»-ով:

aztagdaily.com

Leave a Comment